2017-06-19 14:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը` ''Սուրբ Վարդարանի աղօթքը խաղաղութիւն կը բերէ''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի,18 յունիս 2017-ին՝ երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամը մը յղած է Մալթայի  Կոզօ թեմին եպիսկոպոս՝գերապայծառ Մարիօ Կեքիին, Տիրամօր Թա Փինու սրբավայրին խճանկարներու բացման արարողութեան առթիւ։  

Խորանին վրայ զետեղուած խճանկարը մեր աչքին առջեւ կը դնէ բոլորին մատչելի պարզ աղօթքի մը գեղեցկութիւնը. Սուրբ Վարդարանին աղօթքը – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով,  թէ ինք եւս խճակնարի մը առջեւ կ՛աղօթէ Սուրբ Վարդարանը։ Խճանկար մը ուր պատկերացուած է Տիրամայրը իր ձեռքերուն մէջ բռնած Մանուկ Յիսուսը, որ կը հանդիսանայ խճանկարի կեդրոնը,  որ կը նուաստանայ մարդոց հետ քալելու համար որպէսզի մենք իր հետ երկինք բարձրանանք։

՝՝Վարդարանի աղօթքին մէջ՝՝  ըսաւ Սրբազան Հայրը ՝՝մենք Տիրամօր կը դիմենք, որպէսզի  մեզ մօտեցնէ իր  զաւակին` Յիսուսին, զայն ճանչնալու եւ միշտ աւելի  սիրելու համար''։ Այս պարզ աղօթքը  կ՝օգնէ խոկալու այն բոլոր բաներու մասին, զոր Աստուած  իր անհուն սիրով կատարեց մեզի համար, մեր փրկութեան համար եւ մեզի հասկնալ կու տայ, որ մեր կեանքը միացած է  Քրիստոսի կեանքին։

Աղօթքի ընդմէջէն մենք ամէն ինչ Աստուծոյ կը ներկայացնենք. յոգնութիւնը, վէրքեր, վախեր, ուրախութիւններ, պարգեւներ ու սիրելիներ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու պատգամի աւարտին հրաւիրեց օգտագործել զօրեղ այդ միջոցը` որ է սուրբ վարդարանի աղօթքը, որովհետեւ ան խաղաղութիւն կը բերէ մեր սիրտերուն, ընտանիքներուն,  եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց խնդրելով որ չմոռնանք աղօթել իրեն համար հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու Աստուածամօր հովանին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.